image
Հրատապ լուրեր:

Հալէպի մէջ դպրոց մը հրթիռարձակումներու թիրախ. Զոհուած են 4 երեխաներ

Հալէպի մէջ դպրոց մը հրթիռարձակումներու թիրախ. Զոհուած են 4 երեխաներ

Ծանր հրթիռարձկումներ եղած են Հալէպի վրայ: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպի իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրին համաձայն, հրթիռ մը ինկած է  «Թէլէֆոն Հաուայի»  շրջանին մէջ եղող «Հաթէմ Ալ Թայի» դպրոցին վրայ, որու հետեւանքով զոհուած են 4   երեխաներ եւ կան տասնեակ վիրաւորներ: Ըստ սուրիական «Սանա»ին, զոհերուն թիւը կրնայ բարձրանալ: Հրթիռներ ինկած են նաեւ Ալ-Մանշէյէ, Շէյխ Թահա եւ Պուսթան Փաշա  խաղաղ բնակչութեան շրջաններու վրայ:

Ըստ «Ալ Մայատին» կայանին,  Հալէպի արեւմտեան շրջաններուն մէջ ամէնօրեայ դրութեամբ 10 անձեր կը զոհուին:

Ինչ կը վերաբերի հայկական թաղամասերուն,    իրավիճակը կը շարունակէ մնալ զգուշաւոր եւ տեղի բնակիչներ ապահովական մտահոգութիւններով կը զգուշանան շրջագայիլ: